2015-09-15 10:30:00

Ս. ՅՊԲ Պապի մարգարէութիւնը` ''Թող Քուպան բացուի աշխարհին եւ աշխարհը Քուպային''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի, յառաջիկայ օրերուն ամերիկեան ցամաքամասի կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան առաջին հանգրուանը պիտի հանդիսանայ Քուպան։

Նորին Սրբութիւնը Քարայիպեան կղզիին մէջ պիտի մնայ  19-22 Սեպտեմբեր 2015, ապա իր ճամբորդութիւնը պիտի շարունակէ դէպի Միացեալ Նահանգներ։

Այս երրորդ անգամն է որ Քուպան, վերջին 17 տարիներուն ընթացքին, կ՛ընդունի ս. Պետրոսի յաջորդ մը։

Յունուար 1998-ին ՅՊԲ Պապը պատմական այցելութիւն  կատարեց Քուպայի, որուն յաջորդեց Պենետիկտոս ԺԶ Պապին այցը Մարտ 2012։

Ս. ՅՊԲ Պապի (21-25 Յունուար 1998) կատարած այցելութիւնը յատկանշուեցաւ ֆիտել Քասթրոյի  ու խանդավառ Քուպացիներու հանդիպումներով, բացումը կատարելով նոր յարաբերութիւններու Քուպայի ու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ միջեւ։

ՅՊԲ Քուպա հասաւ որպէս ուխտաւորը ճշմարտութեան ու յոյսի։

Բարի գալուստի խօսքին մէջ ան նշեց. ''Մաղթանքս է որ Քուպան բացուի աշխարհի ու աշխարհը բացուի Քուպայի։ Հռոմի Պապը ձեր մէջ կը գտնուի նոր խթան մը տալու աւետարանութեան, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, Քուպայի եկեղեցին կը պահէ իր կենսունակութիւնը''։

Առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին ուղղած իր առաջին ճառին մէջ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ըսաւ. ''եկած եմ խօսելու Յիսուս Քրիստոսի ճշմարտութեան մասին որ իր կարգին  կը յայտնէ ճշմարտութիւնը մարդու մասին ու անոր անձեռնմխելի արժանաւորութեան''։ Ան ապա կրկնեց իր յորդորը. ''Մի վախնաք ձեր սիրտը բանալու Յիսուս Քրիստոսի,  թոյլ տուէք որ Ան մտնէ ձեր կեանքին, ընտանիքին ու ընկերութեան մէջ, որպէսզի այսպէսով ամէն բան բարենորոգուի''։

Քահանայապետը ապա մաղթանք յայտնեց որ Եկեղեցին իր տեղը ունենայ Քուպայի ընկերութեան մէջ, լաւագոյնս կատարելու իր առաքելութիւնը, հուսկ աղօթեց. ''թող այս երկիրը բոլորին ընծայէ ազատութեան, փոխադարձ վստահութեան, ընկերային արդարութեան ու մշտատեւ խաղաղութեան մթնոլորտ մը''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.